2017-06-21 11:17:00

«Մեր Գիւղը» ` Փառատօն Արցախի ու Հայաստանի գիւղական կեանքի մասին


Յունիս 20-ին ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում-քննարկում «Մեր Գիւղը» խորագիրով նախագիծ-առաջարկի ծիրէն ներս:

Նախագիծի հիմնական նպատակն է` կազմակերպել  ամենամեայ փառատօն- տօնավաճառ` Հայաստանի եւ Արցախի գիւղատնտեսական արտադրանքը ներկայացնելու եւ իրացնելու ակնկալիքով, կը յայտնէ panorama.am-ը:

Հանդիպումը կազմակերպած էր ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զեյթունցեան:

Քննարկման  մասնակցած են նախագիծին հեղինակները, շահագրգիռ պետական եւ մասնաւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

«Փառատօնը պիտի նպաստէ զբօսաշրջիկներուն եւ տեղացիներուն Հայաստանի եւ Արցախի գիւղատնտեսական եւ մշակութային առանձնայատկութիւններուն եւ նուաճումներուն ծանօթանալու, փոքր եւ միջին գործարարութեան առաջխաղացման, ներքին եւ ներգնայ զբօսաշրջութեան զարգացման»,- իր խօսքին մէջ նշած է Զարմինէ Զեյթունցեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է 2017-ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Երեւանի մէջ փառատօնը կազմակերպելու հնարաւորութիւնը,  որուն իրենց արտադրանքը պիտի ներկայացնեն Հայաստանի բոլոր մարզերու եւ Արցախի գիւղատնտեսական ապրանքներ արտադրող երկրագործական տնտեսութիւնները, ձեռնարկութիւնները, անհատ ձեռներէցները, փոքր եւ միջին արտադրողները:

«Մեր Գիւղը» խորագիրով նախագիծ – առաջարկը  ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն ստացած  է  «Մեր Գիւղը» ՍՊ ընկերութեան կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.